2013-07-22 23:28:49

Պրազիլ։ Բարի Գալուստի Արարողութիւն` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Առաքելական Ճամբորդութեան Առաջին Ճառը։


''Ոչ ոսկի ունիմ եւ ոչ արծաթ, հետս բերած եմ ամենաթանկագին արժէքը Յիսուս Քրիստոսը''

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Րիօ Տէ Ժանէյրօյի Կուանապարայի Կառավարական Պալատին մէջ տեղի ունեցած բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ ըսաւ`

Աստուած իր ամենակալ նախախնամութեամբ ուզեց որ իմ քահանայապետութեանս առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը կատարել Լատին Ամերիկայ` Պրազիլ, երկիր մը որ հռչակաւոր է իր Սուրբ Աթոռի հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւններով եւ հաւատքի ու բարեկամութեան խոր զգացումներով Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ։

Տեղեակ եմ որ Պրազիլցի Ժողովուրդը սիրաշահելու համար հարկ է անոր մօտենալ անոր անհուն սրտի դուռէն, թոյլ տուէք առ այդ որ նրբութեամբ բախեմ այդ դուռը խնդրելով որ թոյլ տաք որ մտնեմ ու այս մէկ շաբաթը ձեր հետ միասին անցնեմ։ Ես ոչ ոսկի եւ ոչ արծաթ ունիմ, սակայն հետս բերած եմ ինծի տրուած ամենաթանկագին արժէքը` Յիսուս Քրիստոս. Կու գամ Անոր Անունով սնուցելու այն եղբայրական սիրոյ բոցը որ վառած է ամէն մէկ սրտի մէջ եւ կ՛ուզեմ որ իմ ողջոյնս բոլորին ու ամէն մէկուն հասանելի ըլլայ. ''Քրիստոսի խաղաղութիւնը ձեր հետ''։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն յատկացուած ջերմ ընդունելութեան,ողջունելով քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւնները ու հաստատելով թէ ինք եկած է որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս իր եղբայրակիցները հաստատելու Քրիստոսի մէջ եւ զանոնք քաջալերելու վկայելու Յիուսի պարգեւած յոյսը ու խրախուսելու զիրենք ամէնուն պարգեւելու Քրիստոսի անսահման սիրոյ հարստութիւնները։

Սրբազան Քահանայապետը մատանանշեց ապա իր այցելութեան հիմնական պատճառի մասին որ է երիտասարդութեան համախշարհային օրը ուր համայն աշխարհէն երիտասարդներ ''Փրկիչ Քրիստոսի բաց բազուկներէն հրապուրուած` եկած են ապաստան գտնելու Անոր ձեռքերուն մէջ եւ ունկնդրելու Անոր յստակ ու զօրեղ կոչը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։''

Այս երիտասարդները եկած են տարբեր ցամաքամասերէ, կը խօսին տարբեր լեզուներ, եւ այլազան մշակոյթներու կը պատկանին բայց եւ այնպէս ամէնքն ալ Քրիստոսի մէջ կը գտնեն իրենց ձգտումներու համապատասխանը։
Քրիստոս կը վստահի երիտասարդներուն ու անոնց կը վստահի նաեւ իր առաքելութիւնը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։'' Գացէք սահմաններէն անդին եւ եղբայրութեան աշխարհ մը կերտեցէք։

Պրազիլի իմ աս այցելութիւնս սկսելով քաջ տեղեակ եմ թէ խօսքս ուղղելով երիտասարդներուն, կը խօսիմ նաեւ անոնց ընտանիքներուն, անոնց եկեղեցական եւ ազգային հասարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց ապրած ընկերային միջավայրին ու բոլոր այն մարդոց եւ կիներուն որոնցմէ կախեալ է այս նոր սերունդի ապագան։
''Մեր զաւակները մեր աչքի լոյսն են'', պատուհանը` որուն միջոցաւ լոյսը մեր մէջ կը թափանցէ ու մեզի կը պարգեւէ տեսողութան հրաշքը։
Պատուհանը որուն միջոցաւ ապագան կը մտնէ աշխարհին մէջ ու մեզ կը դնէ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Մեր սերունդը պիտի կարենայ ապացուցել իր խոստումը երբ իւրաքանչիւր երիտասարդին կարենայ պարգեւել զօրաւոր հիմեր որուն վրայ կառուցել կեանքը. Անոնց ապահովելով դաստիարակութիւն եւ ապահովութիւնը ու փոխանցելով մնայուն արժէքներ որոնց համար ապրիլը կ՛արժէ։ Անոնց մէջ արթնցելով լաւագոյն զօրութենականութիւն որպէսզի ըլլան իրենց ապագայի դերակատարները եւ հաւաքականութեան ճակատագիրին համապատասխանատու։
Խօսքը եզրափակելով Սրբազան Հայրը խնդրեց բոլորին ուշադրութիւնը եւ կարելիութեան չափ զգայնութիւն երկխօսութիւն հաստատելու բարեկամներու միչեւ ։
Սրբազան Քահանայապետի բազուկները - ըսաւ Սրբազան Հայրը - այս պահուն կը տարածուին գրկելու Համայն Պրազիլի ժողովուրդը ու անոր մարդկային, մշակութային, եւ հոգեւոր հարստութիւնները, ոչ մէկը ինքզինք զրկուած զգայ Քահանայապետի սէրէն։
Ձեզ բոլորդ կ՛օրհնեմ։ Շնորհակալ եմ այս բարի հիւրընկալութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.